Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներու Փլուզման Հարցը

Աշխարհ, Էրկիր

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` Տիրապեքիրէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին  ուղարկած է հարցում, որ կապուած է Տիարպեքիրի պատմական պարիսպներու եւ Հեւսելի այգիներու շրջակայքը իրականացուող «Ազգային այգի» ծրագրի պատճառով պարիսպներուն  եւ այգիին հասցուող վնասին հետ:

7 հարցէ բաղկացած հարցման մէջ Փայլան կը հետաքրքրուի, թէ արդեօ՞ք ծրագիրը կ՛իրականացուի ՅՈՒՆԵՍԿՕ–ի թոյլտւութեամբ, քանի որ ե՛ւ պարիսպները, ե՛ւ Հեւսելի այգիները այդ միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցուցակին մէջ են:

Շաբաթներ առաջ թրքական ընդդիմադիր մամուլին մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Տիարպեքիրի պարիսպներուն մէկ մասը շինարարութեան հետեւանքով փլուզուած է: