Ըրիր, Բայց Պիտի Զղջաս…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հաւաքոյթի մը ընթացքին բարեկամներով ու ծանօթներով սեղանի մը շուրջ նստած էինք. կար նաեւ երիտասարդ զոյգ մը, աղջիկը մեր սեղանակակիցներէն մէկուն դուստրն էր, որ ինքզինք ծանօթացնելէ ետք, «քովինս ալ պոյֆրենտս Ալին է», աւելցուց:

Ականջներուս չհաւատալով, լսածս անգամ մը եւս ստուգելու բծախնդրութեամբ, երբ «կը ներես, անունը ինչպէ՞ս էր», քաղաքավարօրէն հարցուցի, այս անգամ զիս չսպասուած իրականութեան մը առջեւ դրած` այնքան յստակ ու այնքան բարձր ձայնով մը, կարծես խուլ ըլլայի, վանկ առ վանկ` «Ա-լի» պատասխանեց:

Հօրը երեսին կը նայիմ, իրենց ներկայութիւնն անգամ չնշմարած, բոլորովին անտարբեր, գլուխէն զարնուածի մը պէս, «այս օրն ալ պիտի տեսնէի»-ի մտահոգութեամբ, ձեռքերուն մէջ ունեցած դգալին, պատառաքաղին ու ամանին իրարու հետ զարնուելու ձայնը սեղանին մէկ կողմէն միւսը հասած` ճա՞շը կը շարունակէր ուտել, թէ՞ այդպէս կը ձեւանար, յստակ չէր. ինծի չափ շուրջիններս ալ շուարած էին, ու ափ ի բերան մնալով, քաղաքավարութեան պատշաճութեամբ մը, ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ ձեւով երկուքին ընկերանալ առաջարկեց, բայց նման անսովոր քայլ առնող ու այդ ոճով խօսողի մը համար երկու աթոռ քաշել ու մօրը քով տեղաւորուիլը շատ ալ դժուար բան չէր: Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, չեմ գիտեր, քովս նստողը մայրն էր, որուն փոխարէն ես իրար անցած էի կարծես, իսկ ինք ամէն ինչի հետ հաշտուած կը թուէր ըլլալ այնքան, որքան աչքերուս մէջ կարդացած` «այս աղջիկդ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասաւ»-ի հարցական նայուածքներուս շատ բնական ձեւով մը պատասխանեց. «Ի՞նչ ընենք, ամէն ինչ ըրինք, որ հեռու մնան իրարմէ, բայց չեղաւ. հայկական դպրոց զինք ղրկած ենք, գիտե՞ս, ՀՄԸՄ-ի արծուիկ ալ եղած է, «Էյ.Ուայ.Էֆ»-ի նոյնիսկ անդամագրուեցաւ, բայց բախտը այս է կ՛երեւի. ճակատագի՜ր…»: Ինքզինք արդարացնելով` ըսածներուն շարքը տակաւին երկարելու վրայ էր, երբ ժամանակին յառաջացած ըլլալը պատրուակած` հաւաքոյթը կրճատել որոշեցի, ու Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն «Դերենիկը» միտքիս մէջ, յատկապէ՛ս  անոր տողերէն «գլուխս պատռեց դրացի Ալին» ըսող զաւկին` «Դո՛ւրս, մատնիչ խնամքներուս, մի՞թէ վարսակի հացով սնար, դո՛ւրս», յանդուգն կեցուածքով արտասանած մօր խօսքերը, բառ առ բառ, իրարու ետեւէ ուղեղիս մէջ արձագանգելով, զանոնք լսածներուս հետ հակադրած, բոլորին հրաժեշտ տալէ ետք, քանդուած տրամադրութեամբ տուն կը վերադառնամ: Ամբողջ գիշերը ժամանակներու տարբերութեամբ ստեղծուած այս նոր կեցուածքը արդարացնելու ճիգիս մէջ ձախողած, անկողինին մէկ կողմէն միւսը կը դառնամ` բա՞խտ… ճակատագի՞ր…

Այս երկու բառերուն հետ կապուած զիրար հրմշտկող մտածումներովս, Հալէպէն Պէյրութ ու Պէյրութէն ալ Ամերիկա, բոլոր ալիներու հարսնացած հայ աղջիկները մէկիկ-մէկիկ աչքիս առջեւ պատկերացան. սկսեալ` նախակրթարանի դասընկերուհիներէս 14-ամեայ Անահիտէն, որուն կարճ հասակին համար շուրջիններէն յաճախ լսած` «Այս հասակովդ քեզի ո՞վ պիտի հաւնի» խօսքը կարծես իր մէջ բարդոյթ ստեղծած էր, չսպասուած օր մը` «Գիտէ՞ք, Անահիտը թաղի արաբին հետ փախաւ» լուրը, առանց այսօրուան հեռաձայնի ու Դիմատետրի դիւրութիւններուն, ռումբի մը պէս պայթելով, Հալէպի մէկ ծայրէն միւսը տարածուեցաւ: Ըրածին ամօթէն ընտանիքի անդամները քաղաքէն հեռացած` ցիր ու ցան եղան, իսկ ինք ուզածը իրականացնելով` հարազատներ կորսնցուց ու մնաց առանձին… Հապա՞ Պէյրութի հիւանդապահուհի Սեդան, յարգուած ու պատուած ընտանիքէ սերած, իր երեսուններու հասունութեան մէջ, բոլորիս զարմացնելով, առաջինին ճամբան բռնած` ինքն ալ Ալի մը գտաւ, որուն հետ տարիներ ամբողջ քողարկուած դէմքով, առանց մարդ սպաննելու բանտարկեալի կեանք անցուց, բայց ունեցած այդ փորձառութենէն «շահածը», «ես ինկայ, դուք չիյնա՛ք»-ի խրատական խօսքերով, մասունքի պէս, տեսած հայ աղջկան բաշխելու սկսաւ… «Ժամանակս անցաւ»-ի յուսախաբութենէ՞ն ըրաւ այդ մէկը, ո՛չ ոք գիտցաւ ու պիտի գիտնայ տակաւին…

Ու այսպէս, կարգը շարունակելով, կը հասնիմ բոլորին աչքէն հեռու մնացած, բայց վերջերս Ամերիկա հաստատուած ճարտարապետ Շաքէին, որուն ամուսնոյն` Ալիին յաջորդական ու միա՛յն երեք անգամուան համար «ալէյի ըլթալաա»-ը կրկնած խօսքերով, օր մը ամուսնալուծուած, աղտոտ լաթի մը պէս տունէն դուրս դրուեցաւ:

Անցեալի «հերոսները» անցեալին թողած` կը վերադառնամ հաւաքոյթի ընթացքին իմ հանդիպած զոյգին. համալսարանին մէջ զիրար գտած են, նախորդներուն պէս այս երկուքը իրարու հետ չեն փախած ու պիտի չփախչին տակաւին, ընդհակառակը, հրապարակաւ շրջապատին իրենք զիրենք պարտադրելու ճիգի մը մէջ էին կարծես. կրօնի ու հաւատքի տարբերութեամբ ինչպէ՞ս իրարու հետ հասկացողութիւն պիտի գտնեն, համերաշխութիւն պիտի ունենան. կը մտածեմ ու գլուխս հանգստացնելու համար բարձս շտկելով, այս անգամ իրենց ու իրենց նմաններուն կողմէ առնուած քայլին համար, ըսուած արդարացուցիչ խօսքերէն` «Ճորճ Քլունին ըրաւ, ինչո՞ւ մենք  չ՛ընենք» խօսքը կը մտաբերեմ: Եղեռնի օրերուն իրենց պէս երիտասարդուհիներ ալ Եփրատ գետին մէջ նետուեցան… Այս մասին կարդացած, լսած կամ իրենց բացատրուա՞ծ է արդեօք… «Հոս Ամերիկա է, ամէն մարդ իր կեանքը ունի»` այս ալ ուղեղիս միւս անկիւնը տեղ գրաւած, երկրորդի մը խօսքն է. «Չգայինք բարով այս Ամերիկան», կ՛ըլլայ իրենց ծնողներէն իւրաքանչիւրին պատասխանը, «Աչքի լոյսի պէս մեծցուցած ու իրենց զրկանքներու հաշուոյն ամէն ինչ իրենց համար հայթայթելէ ետք ա՞յս պիտի ըլլար վարձատրութիւնը: Նման բան անկարելի է, գերեզմանին մէջ թաղուած հայրս երկրորդ անգամ պիտի չմեռցնեմ», կ՛ըլլայ տան մէջ ձայնը բարձրացուցած ու ապահարզանի դռները հասած երրորդի մը հօր խօսքերը: «Ես ալ աղջիկս պիտի չկորսնցնեմ, առաջինը չէ, ոչ ալ վերջինը, քիչ մը շուրջդ նայէ ու տե՛ս իր նմանները. լաւ է, որ եղածին հետ համակերպինք ու հաշտուինք այլեւս», կ՛ըլլայ մօր պատասխանը: Ու հարցին շուրջ իր այս տեսակէտն ու մօտեցումը շատ ճիշդ գտած` նման պարագայի ընդվզած մայրերու հետ զայն բաժնելով, անոնց խելք, խրատ ու մխիթարանք բաշխելու կ՛ելլէ:

Ո՞վ է մեղաւոր, չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ միայն ծնունդ տալով դժուար է  ՄԱՅՐ դառնալ. զաւկի մը ունեցած բարդոյթին առաջքը առնել, յուսախաբութիւնը յոյսով ու լաւատեսութեամբ փոխարինել, կրօն ամրացնել, հաւատք ներշնչել, այս ամէնը կեանքի հիմնական առաջնահերթութիւններէն են, որոնց բացակայութեան պարագային, քայքայուելու եզրին կը հասնի ընտանիքը:

Իսլամութեան դէմ հարց չունիմ, ընդհակառակը, իրենց պետական համալսարանին մէջ շարիան որպէս նիւթ սորված ու զայն լաւ հասկնալու համար Քուրան անգամ կարդացած եմ ու, հոգեկանէ աւելի, աշխարհիկ գտած, բայց զայն յարգելով` տակաւին կը զգամ, որ պատ մը կայ իմ ու իր հետեւորդներուն միջեւ, պատ, որուն մէկ կողմէն միւսը անցնիլը, երկուքիս համար ալ, այնքան ժամանակ որ իւրաքանչիւրս իրը ունի,  որեւէ մէկ ձեւով անընդունելի ու անըմբռնելի երեւոյթ է, էր ու պիտի մնայ տակաւին. այդպէ՞ս ծնած ենք, թէ՞ այդպէս դաստիարակուած, անշո՛ւշտ որ երկրորդն է. փա՜ռք մեր ծնողներուն, իւրաքանչիւրիս ներշնչած հաւատքին ու անոր հիմերուն վրայ անխախտ մնալու մեզի ժառանգած աննկուն կամքին:

Ու ականատես եղած այս դէպքին առջեւ, ամէնէն մտահոգիչը, իրենցմէ քաջալերուած, եղածը բնական երեւոյթ ընդունելով ապագայի զիրենք կապկողները պիտի ըլլան. բոլոր անոնք, որոնք քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ ընդունող ժողովուրդի մը շառաւիղները ըլլալու իրենց հանգամանքը մոռցած` զարգացում յառաջդիմութիւն ու լայնամտութիւն…  այս բոլորի՛ն քարոզչութեամբ ու համոզումով, նոր օրերու հերոս դարձած, իրենց ռահվիրաներուն պէս ու քիչ մըն ալ աւելին, կեանքի նոր հոսանքն է պիտի ըսեն, որուն դէմ չենք կրնար թիավարել:

Ու միջավայրի կրաւորական այս կեցուածքով, տակաւին ինչո՞ւ, չեմ գիտեր, Դերենիկին մօր նման մայր կը փնտռեմ… ու  սասունցի հօրս «Գտար սուրբ, ուզեցիր մուրազ» խօսքերը վերյիշելով, անոր չհանդիպած, բայց այս օրերուն, իրեն նման, գոնէ նուազագոյն խօսք մը ըսելու կամ բան մը ընելու պարտականութեամբ, իւրաքանչիւր Ալիի կամ Քոշնըրի կողակից դարձող հայ աղջկան երեսն ի վեր նայելով` լռելեայն կ՛ըսեմ.

– Ըրիր, բայց պիտի զղջաս: