Պուրկ Լէ Վալանսի Քաղաքապետը Պիտի Բողոքարկէ Շուշիի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրը Չեղարկելու Մասին Դատարանի Որոշումը

Աշխարհ, Հայաստան

Պուրգ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէ յայտարարած է վարչական դատարանի կողմէ 2014-ի Հոկտեմբերին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի հետ ստորագրած բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկելու որոշումը բողոքարկելու մտադրութեան մասին:

«Ես կը վիճարկեմ վարչական դատարանի մեկնաբանութիւնը, որ այս հռչակագիրը անօրինական համարած է: Համոզուած եմ, որ անիկա կը համապատասխանէ օրէնսդրական կարգին եւ կը յայտարարեմ, որ պիտի բողոքարկեմ դատավճիռը»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է Մարլեն Մուրիէ` հիմք ընդունելով 2019-ի Փետրուար 5-ի Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու համակարգող Խորհուրդի ընթրիքի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնառումը, որ պետական հետապնդումներու պիտի չենթարկուին այն ծրագիրները, որոնք կը վերաբերին կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն, որոնք հռչակագիրներու ամենաէական մասը կը կազմեն:

Ան նաեւ նշած է, որ իրաւական գործօններէն զատ իր բարոյական յանձնառութիւնը շուշեցիներուն հանդէպ կը մնայ անսասան: «Ես բազմիցս եղած եմ Շուշի եւ հասկցած, թէ մարդասիրութեան ու բարեկամութեան արտայայտութիւնները ինչպիսի յոյս կ՛արթնացնեն բնակչութեան մը սրտին մէջ, որ թշնամական Ատրպէյճանը կը փորձէ շնչահեղձ ընել»,- գրած է ան: