«Ոսկէ Ծիրան»-ը Պիտի Սկսկի Յուլիս 7-ին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ամրան ընթացքին հայաստանեան մշակութային կեանքը պիտի աշխուժանայ սպասուած եւ նշանաւոր իրադարձութեամբ. Յուլիս 7-ին պիտի սկսի 16-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը: PanArmenian.net-ի տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի մէջ սիրուած ու նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս լայն ճանաչում գտած այս բացառիկ փառատօնին սկիզբը այսօր ազդարարած են «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնն ու փառատօնի գլխաւոր գործընկեր VIVA-Cell MTS-ը:

Համատեղ մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ կազմակերպիչները լրագրողներուն ներկայացուցած են փառատօնի՝ այս տարուան պաշտօնական պաստառը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են սպասուող ձեռնարկներուն:

«Այս տարի փառատօնը կրած է որոշակի փոփոխութիւններ, քանի որ փոխուած է փառատօնի ղեկավար կազմը: Փառատօնի կազմը համալրած են երիտասարդներ, որոնք մեծ պատասխանատւութեամբ կը պատրաստուին 16-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ին եւ կ՝ընեն ամէն ինչ՝ զայն իսկապէս տօն դարձնելու համար: Փոփոխութիւններ եղած են նաեւ գերատեսչութիւններու ծիրէն ներս. տեղի ունեցած է նախարարութիւններու միաւորում, եւ այսուհետեւ մենք պիտի համագործակցինք ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ: Չէ փոխուած մեր գլխաւոր գործընկերը՝ VIVA-Cell MTS-ը: Ընկերութիւնը արուեստի՝ մասնաւորապէս՝ շարժանկարի եւ «Ոսկէ ծիրան»-ի նուիրեալներէն է, որուն համար մենք շատ ուրախ ենք եւ շատ շնորհակալ մեր փառատօնի լաւագոյն բարեկամին»,- իր խօսքին մէջ ընդգծած է Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան:

«VIVA-Cell MTS-ը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մշակութային կեանքին, մասնաւորապէս՝ ազգային շարժանկարի ոլորտին, Հայաստանի մէջ անոր աշխուժացման ու զարգացման: Տարիներ շարունակ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրէն ներս մեր ընկերութիւնը կանգնած է շարժանկարի գործիչներու կողքին: Շարժանկարի արուեստի զարգացման կարեւոր խթան ըլլալուն հետ մէկտեղ, փառատօնը հսկայական աշխատանք կը տանի աշխարհի քարտէզին վրայ Հայաստանը իբրեւ հարուստ մշակոյթ ունեցող երկիր ճանաչելի դարձնելու գործին»,- նշած է VIVA-Cell MTS-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Միջազգային փառատօնը աշխարհի տարբեր երկիրներէ ստացած է մասնակցութեան աւելի քան 740 յայտ, ինչպէս նաեւ ընտրուած են շարք մը շարժանկարներ աշխարհի հեղինակաւոր փառատօններէն՝ Կաննէն, Պեռլինէն, Ռոթերտամէն:

Փառատօնը պիտի ունենայ միջազգային երկարատեւ (խաղարկային եւ վաւերագրական), ինչպէս նաեւ կարճատեւ ֆիլմերու տարածաշրջանային մրցոյթներ, իսկ արտամրցութային ծրագիրը պիտի ներառէ «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» մրցոյթը: Մնացած ծրագրերը ոչ մրցութային են. անոնք են՝ «Երեւանեան փրեմիերաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ», «Յարգանքի տուրք»:

«Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի ունի նաեւ նոր տարբերանշան, որ կ՝արտայայտէ փառատօնի նոր կազմին ինքնատիպ մօտեցումը 16-րդ տարին իրականացուող իրադարձութեան: Անիկա մինիմալիստական է, կը ներկայացնէ հայերէն «Ծ» տառը: Այդ տառին միջոցով՝ նշանակին (logo) հեղինակը փորձած է ստանալ փառատօնի խորհրդանիշ համարուող ծիրանը: