«Իմ քայլը» նախաձեռնութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան Բաղրամեան պողոտայէն տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ան կը գտնուի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ:
Բաղրամեան պողոտայի վրայ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Նիկոլ Փաշինեանը անցած է փշալարերու վրայով, անոր հետեւած են այլ ցուցարարներ: Ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ, մասնաւորապէս, լուսաձայնային նռնակներ կիրառած է ցուցարարներու դէմ: Բախումներու հետեւանքով քանի մը հոգի տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Անոնց մէջ է Նիկոլ Փաշինեանy եւ 3 ոստիկան:
«Իմ հետ էր վնասուածքներ ունի, դէմքը վնասուած էր, ոտքերը փշալարէն վիրաւորուած են: Բայց չեմ կարծեր, որ լուրջ վնասուածքներ են»,- NEWS.am-ին յայտնած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան մամուլի պատասխանատու Տիգրան Աւինեանը:
Այլ մանրամասնութիւններ այս պահուն յայտնի չեն: