Թալիշի միջնակարգ դպրոցի համար գրքահաւաքը նախաձեռնողներէն է Արցախի ԱԺ նախագահի մամուլի քարտուղար Անոյշ Ղաւալեանը: Panorama.am-ը՝ նշեալ խնդիրին շուրջ՝ զրուցած է Ղաւալեանի հետ:
Թալիշի միջնակարգ դպրոցը գիրքերու անհրաժեշտութեան հարցը բարձրացուցած է ԱԺ նախագահի այցին ժամանակ, ու այժմ իրենք, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան միջոցով, կը փորձեն լուծել այդ խնդիրը:
Գրադարանը տուժած է 2016 ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ, երբ այնտեղ արկ ինկած էր:
Աշակերտները դասագիրքերով ապահովուած են, սակայն գեղարուեստական գրականութեան կարիք կայ:
Պահանջուած են հայ, ռուս եւ արտասահմանեան դասական հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: Ցանկալի է, որ գիրքերը ըլլան հայերէն, թէեւ կարելի է նաեւ ռուսերէն ու անգլերէն:
Նախաձեռնութիւնը բաց է, կրնան միանալ բոլոր ցանկացողները` Ստեփանակերտի ու նաեւ Երեւանի մէջ: Օգնել փափաքողները կրնան դիմել Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն` Նայիրի Զարեան 17ա հասցէով, Ստեփանակերտի մէջ` Գարեգին Նժդեհի 68 հասցէին գործող Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան գրասենեակ:
Անոյշ Ղաւալեան նշած է, որ իրենք կը համագործակցին բոլորի հետ, ու կ՝ակնկալեն նոյնիսկ պետութեան մասնակցութիւնը:
Գրքահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 20: