Կիրակի 14 Յունուար 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:
Կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը՝ կոչ կ՚ուղղէ.-
– Մեր թեմերուն, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու այս կարեւոր թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան։
– Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքէն ներս։
– Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը, որպէս ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան։
– Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու առաջին Հանրապետութեան դերը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ։
– Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով՝ կարդալով, լսելով ու զա-նազան ձեռնարկներու մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։