Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան գրասենեակի ղեկավար Օմեր Ֆուաթ Կիւնտայը շնորհաւորած է հայ համայնքի տօները՝ հայերէն պաստառով:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ պաստառի լուսանկարը յայտնուած է համացանցի մէջ: «Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ»,- նշուած է Շիշլի մէջ փակցուած պաստառին վրայ: