«Ակունք»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով թրքական «hurseda.net» կայքին, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Հաքան Չաւուշօղլու Տիարպեքիր կատարած իր այցի ընթացքին հանդէս եկած է շարք մը յայտարարութիւններով:
Ան անդրադարձած է նաեւ Սուրի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու ժամանակ աւերուած հայկական աւետարանական ու կաթողիկէ եկեղեցիներուն եւ նշած, որ անոնք ընդգրկուած են վերականգնման ծրագիրներուն մէջ: