Հակառակորդը հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերէն Յունիս 16-ին, ժամը 18:05-ի սահմաններուն, խախտած է հրադադարը, ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են ՊԲ զինծառայողներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը (1997), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (1997) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (1997):
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: