Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 21-ին այցելած է Մարտունիի շրջան:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Մարտունի շրջկեդրոնին մէջ Նախագահը ծանօթացած է ներքաղաքային ճանապարհներու կառուցման եւ վերանորոգման ընթացքին: Բակօ Սահակեան ընդգծած է իրականացուող աշխատանքներու բարձր որակի ապահովման անհրաժեշտութիւնը եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:
Նոյն օրը, Նախագահ Սահակեան այցելած է Ճարտար քաղաք եւ հանդիպում ունեցած թիւ 5 միջնակարգ դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ:
Քննարկուած են դպրոցին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ միջնակարգ կրթութեան վերաբերող հարցեր:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման հանդիպումները եւ նշած, որ շրջաններուն մէջ կրթութեան եւ դպրոցաշինութեան գործընթացը միշտ եղած է եւ կը մնայ իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին: