Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած, այսօր, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի այգիի հարակից տարածքին, Մարդկային միջոցներու զարգացման «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամը եղեւնի տնկեց։ Հիմնադրամին անունով ծառատունկը կատարեցին համանախագահներ Լեւոն Սարգսեան եւ Գաբրիէլ Չենպերճեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
«Ապրիլ 24-ին առիթով այս հնարաւորութիւնը տրուեցաւ մեզի, որ ծառ մը տնկենք մեր հիմնադրամին անունով։ Ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ է»,- նշեց «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չենպերճեան։
Նշենք, որ յուշահամալիրի տարածքին գործող թանգարանի նոր մասնաշէնքին կառուցումն ու վերանորոգումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին՝ ստանձնած էր Փիւնիկ հիմնադրամը:
Արարողութեան, հիմնադրամի անդամներէն բացի, ներկայ էին նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։