Այսօր Արցախեան ազատամարտիկ, ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարակիր, ՀՀ ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան օրն է:
Ան ծնած է 1965-ի Ապրիլ 21-ին Թալինի շրջանի Արեգ գիւղին մէջ:
1990-ի Սեպտեմբերին Թաթուլ Կրպէեան մեկնեցաւ Արցախ, ուր վիճակը կը շարունակէր վատթարանալ: Իր իսկ հիմնած զինուած խումբով 1990-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1991-ի Մայիս ղեկավարած է Գետաշէնի ենթաշրջանի (Գետաշէն-մարտունաշէն) ինքնապաշտպանութիւնը:
Պատերազմի տարիներուն ան յաճախ կը կրկնէր. «Ինչո՞ւ կը վախնաք մահէն: Հողի համար ես հիմա իսկ պատրաստ եմ մեռնելու: Հողի, ազգի համար: Ես ոչ մէկ անգամ չեմ գար՝ Երեւանի օդակայան իջնեմ, ըսեմ` Գետաշէնը յանձնեցի: Ես այստեղ կը մեռնիմ, այդ բանը չեմ ըներ…», – կը գրէ yerkir.am-ը:
Հերոսը զոհուեցաւ 1991-ի Ապրիլ 30-ին` «Օղակ» գործողութեան ժամանակ: 1996-ի Սեպտեմբեր 20-ին արժանացաւ ՀՀ Ազգային հերոսի կոչումին: 2015-ի Մարտ 18-ին մայրաքաղաքի զբօսայգիներէն մէկը վերանուանուեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի անունով: 2015-ի Հոկտեմբերին անոր անունով անուանակոչուեցաւ Երեւանի թիւ 62 աւագ դպրոցը:
Թաթուլը յաճախ կը կրկնէր. «Գետաշէնը կը դատարկուի միայն իմ դիակս վրայով»: Վերջին անգամ Երեւան գտնուած ժամանակ ան ըսած է բառացիօրէն հետեւեալը. «Գիտեմ, որ Երեւան այլեւս չեմ գար, զիս կը բերեն…»: