Մենք Կ՝ուզենք Մաքրոնի Ըսածներուն Մէջ Արցախի Ուղղութեամբ Բաց Դռներ Տեսնել. Մարլէն Մուրիէ

Աշխարհ, Հայաստան

Բուրգ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն յարաբերական գոհունակութեամբ կը վերաբերի Փետրուար 5-ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) ամենամեայ աւանդական ընթրիքի ժամանակ նախագահ Մաքրոնի կողմէ յստակացած դիրքորոշումներուն։

«Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր հռչակելու մասին նախագահ Մաքրոնի որոշումը ճիշդ է»,- յայտարարած է «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի փոխնախագահը՝ նշելով, որ իր համերկրացիներէն շատերը, սակայն, կը շարունակեն սպասել «այդ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մասին իսկական օրէնքին, ժխտում, որ առանձնապէս վտանգաւոր է մեր տարածքին մէջ»,- յայտնած է france-artsakh.fr-ը։

Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան վերաբերեալ հարցով՝ Մարլէն Մուրիէն շատ բարձր կը գնահատէ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ կատարուած յստակեցումը, երբ ան, առանց երկիմաստութեան հաւաստեց, որ «Ֆրանսան չի մատակարարեր եւ պիտի չի մատակարարէ զէնք ու զինամթերք, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ կրնան օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ»։

«Ասիկա այն խնդիրն է, որուն հանդէպ մենք յատկապէս աչալուրջ պիտի ըլլանք, քանի որ խօսքը կը վերաբերի ինչպէս տարածաշրջանի կայունութեան, այնպէս ալ՝ մեր երկրի հեղինակութեան»,- ըսած է Բուրգ լէ Վալանսի քաղաքապետը։
Անդրադառնալով բարեկամութեան հռչակագրերուն եւ անոնց օրինականութեան վերահսկման մասին Էմանուէլ Մաքրոնի նկատառումներուն, Մարլէն Մուրիէն ողջունած է այն փաստը, որ «Հանրապետութեան նախագահը հնարաւորութիւն կը ձգէ մարդասիրական կամ կրթական այնպիսի համագործակցութեան համար, որ չի ֆինանսաւորուիր պետական պիւտճէէն»։ Ատոր հետ մէկտեղ, անոր կը հետաքրքրէ պատճառը, թէ ինչու «ֆրանսական գործադիր իշխանութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հանդէպ իրաւականութեան տենդով բռնուած է այն պարագային, երբ միջազգայնօրէն չճանչցուած այլ պետական միաւորներու հանդէպ՝ նոյն իշխանութիւնը՝ շատ աւելի մեղմ վերաբերում ունի»:

«Արցախցիներուն հանդէպ կայ որոշակի քաղաքական հալածանք, որ առաւել քան արդարացի չէ, քանի որ այս մարդոց գոյութիւնն իսկ վտանգուած է: Զիս չեն կրնար հաւատացնել, որ այդ բնակչութեան քիչ մը մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ ֆրանսացի քաղաքապետներու անձնական յանձնառութիւնը կը վտանգէ Ֆրանսայի դիւանագիտական դիրքերը»-, նշած է Մարլէն Մուրիէ:

Մարլէն Մուրիէ Բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրած է Արցախի Շուշի քաղաքին հետ: Այդ օրուընէ ի վեր՝ ան դարձած է Ատրպէյճանի բռնապետութեան մշտական յարձակումներուն թիրախը, իսկ ստորագրուած հռչակագիրը՝ վերատեսչութեան կողմէ վարչական դատարան ուղղուած չեղարկման հայցի առարկան։