Աւելի Քան 3000 Փախստական Լիբանանէն Սուրիա Վերադարձած է Վերջին Երկու Շաբթուան Ընթացքին

3000-էն աւելի փախստականներ Լիբանանէն Սուրիա վերադարձած են վերջին երկու շաբթուան ընթացքին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած Է «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն՝ վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան Փախստականներու ընդունման, բաշխման եւ տեղաւորման կեդրոնի տեղեկագիրը։ […]

Լիզպոնեան Անքակտելի Եւ Թարմ Յուշեր

«Հայրենիք»-ի խմբագրական Այդ օրերուն չկային ելեկտրոնային քարոզչական սարքեր: Գոյութիւն չունէին, կամ աւելի ճիշդը` որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Ինսթակրամն ու ապագային ստեղծուելիք համակարգչային քարոզչական այլ կառոյցներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը […]

Հիմնական Նպատակը Միջին Արեւելքի Մէջ Արցախի Ճանաչողութիւնը Բարձրացնելն Է

Յուլիս 20-22 Արցախ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով հաւաքուած էին […]

(Ան)ազատութեան Օր

Բագրատ Էսդուգեան 110 տարի առաջ նոր սահմանադրութեան գործադրման շնորհիւ վերացաւ նաեւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլին մէջ տխուր հռչակ մը վայելող գրաքննութիւնը: Կայսրութեան շրջանակները, ինչպէս բոլոր նորութիւնները՝ մեծ վերապահութիւն ցուցաբերած էին նաեւ […]

Ատրպէյճան կը Խախտէ Ժընեւի Համաձայնագիրը եւ Թոյլ Չի Տար ԿԽՄԿ-ին Այցելելու Գերութեան Մէջ Յայտնուած Կարէն Ղազարեանին

Արդէն երկու շաբաթէն աւելի է, որ Ատրպէյճանի տարածք՝ չպարզուած հանգամանքներով՝ յայտնուած ՀՀ քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի ճակատագիրէն ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, […]

Անդրադարձ. Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

Վահրամ Էմմիեան 21 Յուլիս 2018-ին Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի աւարտին յայտարարութիւն մը հրապարակելով Հայաստանն ու Թուրքիան յորդորեց առանց նախապայմաններու կարգաւորելու իրենց յարաբերութիւնները: Հայաստանի […]

Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմ` 4 հոգի, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ` […]

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Լոս Անճելըսի Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այս շաբաթավերջին կը գտնուէր Լոս Անճելըս, ուր ունեցաւ բազմաթիւ հանդիպումներ համայնքիս մէջ գործող տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:  Յաջորդիւ, թերթս մանրամասն պիտի տեղեկագրէ նախարարին հանդիպումներուն մասին: […]

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակի Ձեռնարկները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումը ՀՄԸՄ-ի Պատմութեան Աւելցուցին Փայլուն Էջեր. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 28-ին Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Այս բանակումը իւրայատուկ էր իր բնոյթով եւ մասնակիցներու թիւով: Քսան երեք տարբեր երկիրներէ եկած աւելի քան 1200 բանակողները պատմական օրեր ապրեցան` մասնակցելով […]