Կը Մերժե՛նք Բանակցութիւններ Վարել` Վտանգելով Հայաստանի Հողային Ամբողջականութիւնն ու Գերիշխանութիւնը. Արամ Ա. Վեհափառ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» կարգախօսով Պէյրութի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքի ընթացքին։ Սիրելի՛ հայորդիներ, Հաւաքուած էք ձեր հաւաքական մտահոգութիւնները, սպասումները եւ տեսակէտները արտայայտելու` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ […]

Ռումանիոյ Հայոց Թեմը Իր Անվերապահ Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Ռումանիոյ հայոց թեմը՝ ի դէմս թեմակալ առաջնորդի, թեմական Պատգամաւորական ժողովի եւ թեմական խորհուրդի անդամներու, մեր Հայրենիքի համար դժուար այս օրերուն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման եւ […]

Տաւուշէն Երեւան Համահայկական ՈՉ՝ Ազգադաւ Գործընթացին

Տաւուշէն Երեւան ուղղուող մեր ժողովուրդը, իր տարբեր հատուածներով, Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, հիմնականին մէջ կը պահանջէ մէկ բան՝ դադրեցնել միակողմանի զիջումները թշնամիին եւ ՈՉ ըսել պապենական հողերու յանձնումին: Հեղինակազրկուած իշխանութիւնները […]

Դամասկոսի Հայոց Թեմը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Դամասկոսի Հայոց թեմը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման: «Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, Կիրանցի մէջ կատարուող վտանգաւոր դէպքերուն, որոնք կը վտանգեն […]

Կ՝ողջունենք Վիրահայոց Թեմի Յայտարարութիւնը եւ Կ՝աջակցինք «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման. Վրաստանի Հայ Համայնք

Կ՝ողջունենք Վիրահայոց թեմի յայտարարութիւնը եւ բոլոր մեր ուղեկից կառոյցներով կ՝աջակցինք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ու զօրակցութիւն կը յայտնենք շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազանին։ Վրաստանի հայ համայնք

Վիրահայոց Թեմը Կը Միանայ «Տաւուշը՝ Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Վիրահայոց թեմը, առաջնորդ Գրշ. Տէր Կիրակոս եպս. Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, կ՝աջակցի «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» համազգային շարժման եւ կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը շարժման բոլոր մասնակիցներուն ու շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազանին: Այս մասին […]

Եկեղեցին Պիտի Շարունակէ Պատմական Պատասխանատուութեան Գիտակցութեամբ Ջանքեր Ներդնել Յանուն Հայրենիքի եւ Պետականութեան Զօրացման․ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Յայտարարութիւն Տաւուշի մարզէն տարածքները ազրպէյճանին միակողմանիօրէն յանձնելու իրողութեան եւ բանակցութիւններուն մէջ ՀՀ իշխանութիւններուն որդեգրած անընդունելի դիրքորոշումներուն առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը վերահաստատէ նախընթաց արտայայտուած իր դիրքորոշումը։ Խիստ վտանգաւոր կը […]

Մեր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Կը Յայտնենք Բագրատ Սրբազանին․ Իրաքի Հայկական Կազմակերպութիւններ

Իրաքի հայկական կազմակերպութիւնները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Բագրատ Սրբազանին։ «Մայր հայրենիքի Արեւելեան սահմանին ու յատկապէս Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ այս օրերուն կատարուող դէպքերը մտահոգող են եւ սահմանի պահպանումը ինչպէս […]

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, Շաբաթ, 4 Մայիս 2024-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նստացոյց՝ […]